2014-11-12 08:18:20

ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը կը խնդրէ ջնջել պատերազմի մնացորդները` որոնց զոհերու թիւը բազմաթիւ են։


(Ռ.Վ. 12 նոյեմբեր 2014) ''Պատերազմն ու զինեալ ընդհարումները քաղաքականօրէն ու մարդկայնօրէն ձախորդութիւն մըն են'' ըսաւ գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի խօսք առնելով ՄԱԿի Ժընեւի աթոռին մօտ` աւանդական զէնքերու գործածութեան մասին։
Մարդկայնական իրաւունքը պէտք է պահպանէ մարդկային հիմնական ծաւալը, կարելի դարձնելու ազգային թէ միջազգային համակեցութիւնը։ Եւ երբ միջազգային հասարակութիւնը չկարողանայ խաղաղութիւնը պահպանել, ան`պատերազմով, կը կրէ մարդկայնական այլ ձախորդութիւն մը, ըսաւ գերապայծառ Թոմազի խօսելով դաշնագիրի 5-րդ յօդուածին մասին, որդեգրուած 2003-ին փրկելու համար անմեղ անհատները, որոնք կը դառնան թիրախը յետ պատերազմին, եւ որ կը հայի պայթող ռումբերու մնացորդներուն։ ''Համաձայնագիրը կը պարտադրէ պատերազմող խումբերու տեղեկութիւններ տալ գործածուած եւ ապա պատերազմի դաշտը լքուած զէնքերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.